Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Ըստ ՀՀ Նախագահին Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Լուծման Ուղղութեամբ Բանակցութիւններու Հեռանկարը Մեծ Չէ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամերիկեան Bloomberg  լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ բանակցութիւններու հեռանկարը մեծ չէ: Նախագահին խօսքով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած զինադադարը կրնայ բաւարար չըլլալ` կանխելու համար «ա՛լ աւելի լայնածաւալ» բախումները: Նախագահին համաձայն Հայաստանի համար «խելամիտ» չըլլար Ազրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու վերադառնալը՝ առանց անվտանգութեան երաշխիքներու, որովհետեւ «իրավիճակը այսօր բոլորովին տարբեր է»:«Մինչ մենք բանակցութիւններ կը վարենք, զինուորականները այնտեղ մարտական գործողութիւններ կը ծաւալեն՝ փորձելով լուծել հակամարտութիւնը», ըսաւ Սարգսեան։

Անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովի այցելութեան Սարգսեան ըսաւ, որ Լավրովը «նոր առաջարկներ չէ բերած՝ քաջ գիտակցելով, որ քառօրեայ պատերազմէն անմիջապես յետոյ անիմաստ է բանակցութիւններու մասին խօսիլը»:

Թէեւ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էին՝  Ռուսիոյ զինուժի հրամանատարին միջնորդութեամբ, ռուս խաղաղապահները ըստ Սարգսեանի ընելիք չունին հակամարտութեան գօտիի մէջ: Նշելով, որ նախապէս բանակցութիւններու ընթացքին ռուսական ուժերու տեղակայման շուրջ խօսակցութիւնները «անհիմն չէին»։ Հայաստանի նախագահը ըսաւ, «այսօր ես նման հնարաւորութիւն չեմ տեսներ»: «Եթե բանակցութիւններ չկան, ինչպէ՞ս կրնան ռուսական ուժերը յայտնուիլ Ղարաբաղի կամ ազրպէյճանական եւ ղարաբաղեան ուժերուն միջեւ», հարց տուաւ Հայաստանի նախագահը գաղտնազերծելով, որ 2011 թուականին ինք Քազանի մէջ Ազրպէյճանի նախագահին հետ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած էր՝ հայկական ուժերը դուրս բերելու Ազրպէյճանի հինգ շրջաններէն եւ համաձայնած էր  խաղաղապահներու տեղակայման: «Ռուսիոյ, ԱՄՆի եւ Ֆրանսայի նախագահները երկու երկիրներու առաջնորդներուն կը յորդորէին լուծել հակամարտութիւնը՝ ստորագրելով համաձայնագիրը, որով նաեւ կը յետաձգուէր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ վերջնական որոշումը, բայց Իլհամ Ալիեւը չուզեց համաձայնութիւնը», ըսաւ Սարգսեան աւելցնելով, որ «այդ ժամանակ Ազրպէյճանը կը հարստանար քարիւղի պատճառով եւ կը խօսէր ռազմական պիւտճէի չափի մասին»: «Ուրեմն այն ինչ տեղի ունեցաւ հիմա ակնկալելի էր», եզրափակեց Հայաստանի նախագահը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին