Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Երկու Զինուորներ Նահատակուած Են Արցախի Մէջ

Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ նախորդ գիշեր ու երէկ առաւօտեան, հակառակորդը կրակմարի պայմանաւորուածութիւնը խախտած է աւելի քան 80 անգամներ` օգտագործելով իր զինանոցին մէջ գտնուող գրեթէ բոլոր տեսակի հրետանային միջոցները: Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, թէ բացի մարտական հենակետերէ, հակառակորդը կրատ տիպի հրթիռներ արձակած է Մարտակերտի ուղղութեամբ, ուր արձանագրուած են նիւթական վնասներ: Հակառակորդի կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած են զինուորներ Տիգրան Պողոսեանը եւ Արամ  Առուշանեանը: Հակառակորդի յարձակողապաշտ գործողութիւնները չէզոքացնելու նպտակով` Արցախի բանակը դիմած է կանխարգելիչ քայլերու եւ թիրախային հարուածներ հասցուցած ազրպէյճանական դիրքերուն ու կրակային հենակէտերուն`անոնց պատճառելով կենդանի ուժի եւ զինական կազմածներու նշանակալի կորուստներ: Այնուհետեւ հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը համեմատաբար աւելի հանդարտած է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին