Քննչական կոմիտէի վերջին տուեալներով` Երեւանի Հալապեան փողոցի վրայ «Bogdan» մակնիշի օթոպիւսի պայթումի պահուն, օթոպիւսին մէջ կը գտնուէին վարորդը եւ 9 ուղեւորներ, որոնցմէ 2-ը տեղւոյն վրայ մահացած են, իսկ 7-ը տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ըստ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան, տուժողները բոլորն ալ Հայաստանի քաղաքացիներ են: Վարորդին որեւէ վնաս չէ հասած: Քննչական կոմիտէի նախագահին յանձնարարութեամբ` դէպքի առթիւ քննութիւն բացուած է եւ հոն կը շարունակուին քննչական խումբի աշխատանքներն ու փորձագէտներու հետ միասին կը կատարուի դէպքի վայրի զննութիւն: Փորձագէտները վերցուցած են անհրաժեշտ փորձանմուշները եւ կը կատարուի փորձաքննութիւն` պայթիւնի պատճառները պարզելու համար։ Դէպքի վայր այցելած Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան լրագրողներուն յայտնած է, որ օթոպիւսին մէջ տեղի ունեցած է ալիքաձեւ պայթիւն՝ մանրամասնելով, որ պայթիւնը պատահած է օթոպիւսի աջ կողմի երկրորդ նստարանին մօտ։ Ոստիկանապետը հրաժարած է մեկնաբանել հնարաւոր ահաբեկչութեան մասին լուրերը՝ նշելով, որ տուեալ պահուն անիկա ոչ հերքելու եւ ոչ ալ հաստատելու ժամանակն է: