Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Աւագանին Եւ Աշխարհահռչակ Հիւրեր Ծիծեռնակաբերդ Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի Առթիւ

Կիրակի, 24 Ապրիլ 2016-ին, ՀՀ ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցանեց, 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած  ոճիրին` Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Անմար կրակի մօտ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, հոգեւոր դասը Ս. Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ կատարեց, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

2

 

Ծիծեռնակաբերդ ներկայ էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկինը` Ռիթա, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ հայրենակցական միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:

 

 

3

 

Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էր նաեւ աշխարհահռչակ երգիչ մեր հայրենակից Շարլ Ազնաւորը, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ դերասան Ճորճ Քլունին, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան մասնակիցները, նաեւ Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան համաշխարհային երկրորդ համաժողովի մասնակիցները:

Ինչպէս ամէն տարի, բազմահազար հայորդիներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ երեկոյ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքը մատուցեցին հայոց 1,5 միլիոն Ս. նահատակներու յիշատակին:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հայոց Ցեղասպանութեան Ս. Նահատակներու հոգւոյն, ուր պատարագիչն էր Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեան, որմէ ետք Մայր Տաճարի հարեւանութեամբ գտնուող Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարին մօտ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Բարեխօսական կարգ կատարուեցաւ: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 24-ի յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ:

 4

5

6

7

8

9

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին