23 Ապրիլ 2016-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կայացաւ ջահերով աւանդական երթը, որուն մասնակցեցան բազմահազար երիտասարդներ, տարբեր կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ, սկիզբը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք Ցեղասպանութեան զոհ գացած աւելի քան 1,5 միլիոն հայորդիներու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ երիտասարդները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ սուրբ զոհերուն յիշատակին, միասնաբար աղօթեցին, ապա կրակին շուրջ խոնարհեցուցին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշակները: Նոյնպիսի ջահերթ տեղի ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: