24 Ապրիլ 2016ին Երեւանի մէջ կայացաւ միջազգային մարդասիրական «Աւրորա» (Aurora Prize for Awakening Humanity) մրցանակի առաջին արարողութիւնը, ներկայութեամբ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, որուն միջազգային ժիւրիի համանախագհներն են դերասան Ճորճ Քլունին եւ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Վիզելը, չորս արժանաւոր յաւակնորդներէն ընտրեցին «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրը` Մարկարէթ Պարանկիցէն, որուն մրցանակը յանձնեց Ճորճ Քլունին։ Այս մասին կը հաղորդէ Mediamax-ը:
Մարկարէթ Պարանկիցէն կ՛աշխատի Պուրունտիի Խաղաղութեան Տուն (Maison Shalom) խնամքի տան եւ REMA հիւանդանոցին մէջ: Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան հազարաւոր կեանքեր փրկած է, խնամելով որբեր ու փախստականներ: Ազգութեամբ թութսի դափնեկիր Պարանկիցէն պատերազմի սկիզբը փորձած է թաքցնել ազգութեամբ հութու 72 ամենամօտ հարեւանները, զանոնք փրկելու նպատակով: Սակայն երբ զանոնք գտած են, տեղւոյն վրայ բոլորն ալ սպաննած են, ասոր ականատեսը դարձնելով զինք:
Անկէ ետք Մարկարէթը իր կեանքը նուիրած է փախստականներուն եւ երախաներուն խնամելու գործին: Ան ընդհանուր առմամբ փրկած է 30,000 երախաներ: 2008 թուականին անոր հիմնած հիւանդանոցին մէջ մինչ օրս բժշկական օգնութիւն ստացած են 80,000 մարդիկ: Մարկարէթ Պարանկիցէն «Աւրորա» մրցանակի հիմնադիրներէն կը ստանայ $ 100 հազար, ինչպէս նաեւ $ 1 միլիոն կը բաշխուի անոր ընտրած երեք բարեգործական կազմակերպութիւններուն միջեւ: Անոնք են Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամը, «Ժան-Ֆրանսուա Փեթերպրոկ» հիմնադրամը եւ «Պրիտերլէխ Տելէն» հիմնադրամը: Ինչպէս նաեւ շնորհուած է 100 LIVES նախաձեռնութեան եւ Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի (International Center for Journalism, ICFJ) «Սկզբունքային լուսաբանում» համատեղ մրցանակը, որուն առաջին դափնեկիրը դարձաւ The New York Times թերթի լրագրող՝ Ռուկմինի Գալիմակը:
Ռուկմինի Գալիմակը աշխարհին պատմած է ահաբեկչական ISIS՝ Տաէշ խմբաւորման ստեղծած սեռական ստրկութեան անմարդկային համակարգին մասին: Ան հետաքննած է նաեւ զուիցերիական դրամատուներու եւ Սենեկալի ոսկիի հանքերուն մէջ երախաներու շահագործման միջեւ եղած կապը, նաեւ ան հետաքննած է ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ մարդոց զանգուածային սպանութիւններու դէպքերը:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան 100 LIVES եւ Aurora Prize նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Վարդան Գրեգորեան, Նուպար Աֆէյեան եւ Ռուբէն Վարդանեան: «Աւրորա» արարողութիւնը վարած են օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեանը եւ Washington Post թերթի սիւնակագիր, գրող եւ հրապարակախօս Տեյւիտ Իկնատիուսը: