Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Երբ Ոչ Հայեր Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումը Կազմակերպողները Կ՛ըլլան…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Տարիներ շարունակ ու իրաւացիօրէն Լիբանանահայութիւնը լաւագոյնս ոգեկոչած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայ ժողովուրդի անմեղ զաւակներուն յիշատակը՝ պահանջատիրութեան ջահը վառ պահելու սերունդներու հոգիներուն մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչումը սակայն աւելի եւս կ՛արժեւորուի ու կ՛իմաստաւորուի, երբ ոչ հայեր ոչ միայն կը միանան ոգեկոչողներու շարքերուն՝ այլ կ՛ըլլան անոր կազմակերպողները…:

Այս իմաստով երկրորդ տարին ըլլալով՝ Լիբանանեան Ուժերու կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի երէկուայ ձեռնարկը ունէր աւելի քան խորհրդանշական իմաստ, որուն համար միայն շնորհակալ պէտք է ըլլալ նախաձեռնողներուն:

Այս առիթով շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ կը բաժնեն մեր Դատին արդարացիութեան հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը:

Կը մնայ աշխատանք տանիլ, որպէսզի այսպիսի նախաձեռնութիւնները շատնան, մինչ այդ ամէն ջանք թափել որպէսզի ոչ հայեր միանան մեզի՝ ոգեկոչողներու շարքերուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին