Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Տաւուշի Ուղղութեամբ Անցեալ Գիշեր Հրադադարի Խախտման 9 Միջադէպեր Արձանագրուած Են

Ապրիլ 19 լոյս 20-ին հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ արձանագրուած են՝ հրադադարի խախտման 9 միջադէպեր:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ ազրպէյճանական կողմը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, մասնաւորաբար անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ:

ՀՀ զինեալ ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին