Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցած են ֆրանսացի հասարակական քաղաքական գործիչներ, ներառեալ Պուշ Տը Ռոնէն Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ըստ «Արմէնփրես»ի այս մասին Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է Պուայէն:
Խորհրդաժողովի նախաձեռնող Մարթին Վասալը նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ﬕջազգային ճանաչաման եւ անոր հետեւանքներու վերացման պայքարը չէ աւարտած, հակառակը՝ անիկա ամէն տարի պէտք է կրէ շարունակական բնոյթ: «Հայ երիտասարդները պէտք է շարունակեն բողոքի ցոյցերը եւ յիշատակի ձեռնարկները, որպէսզի նման ոճիրներ այլեւս երբեք չկրկնուին», ըսած է ան:
«Ճշմարտութիւնը պէտք է ճանչցուի եւ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը: Ատոր համար պայքարը պէտք է շարունակուի», իր հերթին ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող կազմակերպութեան քարտուղար Փասքալ Շամասեան: