Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Մարդասիրական Oգնութեան 2-րդ Շարասիւնը Հայաստանէն Ուղեւորուեցաւ Արցախ

Մարդասիրական պաշարով բեռնաւորուած 2-րդ շարասիւնը` կազմուած 4 բեռնակառքերէ, Ապրիլ 20-ին Հայատսնաի արտակարգ իրավիճակներու (ԱԻ) նախարարութենէն ուղեւորուեցաւ Արցախ:

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը շարունակէ իր համագործակցութիւնը՝ Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստ անհատ քաղաքացիներու եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԻ արտակարգ նախարարութենէն, Էջմիածինի հայորդաց տունը Արցախին նուիրաբերած է 36 արկղ սննդամթերք: Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան N21 Քանաքեռի ռուսական դպրոցի աշակերտներուն կողմէ հաւաքուած է 2 արկղերով մաքրութեան պարագաներ եւ հագուստ, Հայ-յունական պետական քոլեճի սաներուն կողմէ` սննդամթերք: Արցախին մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս՝ 7000 միաւոր բախիլ եւ բժշկական դիմակ յատկացուցած է «Եւրոֆարմ» ընկերութիւնը: «Պոլտն» ընկերութիւնը արցախահայերուն համար հաւաքած է 6 արկղերով մաքրութեան պարագաներ:

ԼՂՀ-ին մարդասիրական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է «Ռուսաստանի հայերու միութիւն» համառուսական հասարակական կազմակերպութեան, Կրասնոտարի երկրամասի տարածքային միաւորումը` նուիրաբերելով սառնարաններ, ներքնաշոր, սննդամթերք, ընտանեկան օգնութիւն, շաքարաւազ, ձաւար, ալիւր եւ հագուստ:

Ապրիլ 9-19-ը Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերած այլ կազմակերպութիւններու, անհատներու եւ առաքուող ապրանքի ամբողջական ցանկին կրնաք ծանօթանալ ՀՀ ԱԻՆ պաշտօնական կայքին մէջ` նիւթին կցուած յղումով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին