Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Պան Քի Մունի Այցը Հայաստան, Վրաստան Եւ Ազրպէյճան Յետաձգուած Է

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի Հարաւային Կովկասի երկիրներ` Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան այցը յետաձգուած է:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթքցքին այս մասին տեղեկացուցած է՝ ՄԱԿ-ի հանրային տեղեկատուութեան վարչութեան ղեկավար Արմինէ Հալաճեանը:

«Այցը յետաձգուած է, այս օրերուն պիտի չըլլայ: Ան տարածաշրջան պիտի գայ, բայց ժամկէտերու մասին ոչինչ յայտնի է: Մենք տեղեկացած ենք գլխաւոր քարտուղարի մամուլի խօսնակէն եւ գիտենք, որ տարածաշրջանային այցելութիւնը շատ ցանկալի էր: Պարզապէս այլ` աւելի հրատապ գործերու պատճառով, անոր ներկայութիւնը պէտք է ուրիշ տեղ ըլլայ», տեղեկացուցած է Արմինէ Հալաճեան` յղում ընելով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամուլի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիկէն ստացած տեղեկութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին