Ապրիլ 21-22-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երեւան պիտի ըլլայ ` ՀՀ իշխանութիւններուն հետ քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: Այս առիթով «Ձեռքներդ հեռու Արցախից. Արժանապատուութեան պահանջ-երթ» պիտի կազմակերպուի: Երեւանի ժամանակով ժամը 18:30-ին Ազատութեան հրապարակէն երթը պիտի շարժի դէպի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ Ռուսիոյ դեսպանատուն` Հայաստանի ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ հնչեցնելու երթի պահանջները, կը հաղորդէ 1in.am-ը:
Ինչպէս կ՛ըսուի նախաձեռնութեան կազմակերպիչներու տարածած յայտարարութեան մէջ, «Գիտակցելով պահի լրջութիւնը եւ լրատուամիջոցներով շրջանառութեան մէջ դրուած հակահայկական ծրագիրներու վտանգաւորութիւնը՝ արիւնով վերանուաճուած ու պաշտպանուած Արցախի Հանրապետութեան համար, երթի մասնակիցները պիտի ներկայացնեն իրենց պահանջները:
«Մենք դասեր քաղելով Արցախի վրայ Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումէն, իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւններէն, յատկապէս Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմի ժամանակ, կը յայտարարենք եւ կը պահանջենք`
- Հայաստանը եւ Արցախը Ազրպէյճանին որեւէ թիզ հող չունին յանձնելու, ընդհակառակը` վերջինս սաստելու, սեփական ժողովուրդին անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար անվտանգութեան աւելի ընդարձակ գօտի ստեղծելու կենսական անհրաժեշտութիւն ունին։
- Արցախի խաղաղութիւնը եւ անվտանգութեան միակ ապահովողը եղած է եւ պիտի մնայ մեր` Արցախի զինուորը, իսկ միջազգային խաղաղապահներ պէտք է տեղակայուին Ազրպէյճանի մէջ, բնիկ ժողովուրդներուն` թալիշներուն, լեզգիներուն, աւարներուն եւ այլոց պաշտպանելու համար։
- Ապահովել Ազրպէյճանէն փախստական դարձած հայերու, որոնց շարքին շահումեանցիներու շուտափոյթ, կամաւոր ու անվտանգ վերադարձը Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած հայկական շրջաններ։
- Ճանչնալ միջազգային իրաւունքին համահունչ Արցախի անկախութիւնը։
- Դադրեցնել Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանի սպառազինումը նորագոյն յարձակողական ու զանգուածային ոչնչացման զէնքերով, որոնք օգտագործուած են եւ պիտի օգտագործուին Հայաստանի ու Արցախի դէմ», կ՛ըսուի նախաձեռնութեան կազմակերպիչներու յայտարարութեան մէջ: