Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Թեհրանի Ազգային Դպրոցներու Աշակերտները Ծաղիկներ Մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Թեհրանի Հայոց Ազգային մանկապարտէզներու եւ միջնակարգ դպրոցներու, նաեւ «Ակունք» կեդրոնի աշակերտ-աշակերտուհիները, Ս. Սարգիս, Ս. Թարգմանչաց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ, Ապրիլ 19-ի առաւօտեան ծաղիկներ մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններուն, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անմոռաց յիշատակին: Այս մասին կը հաղորդէ Թեհրանի Հայոց առաջնորդարանը:

Ծրագիրները մեկնարկած են ասմունքներով, ապա եղած են խմբերգներ եւ հնչեցուցած լոզունգներ: Աւարտին աշակերտները մուտք գործած են եկեղեցի եւ ստացած են Ս. Հաղորդութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին