Պելճիքայի Լիէժ քաղաքի «Մեսրոպ Մաշտոց» միութիւնը Ապրիլ 15-ին, Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած «Երկու մշակոյթ մէկ տանիքի տակ» խորագիրով քննարկում մը կազմակերպած էր: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»-ի կը յայտնէ միութեան նախագահ Լուսինէ Ներսիսեան:
Հաւաքի սկիզբը ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ֆիլմ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր հայ տղու եւ թուրք աղջկայ մէջ ամուսնութեան իրական պատմութիւնը: Ֆիլմէն յետոյ բանավէճ ծաւալեցաւ, որ վարեցին տ. Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան եւ Պելճիքայի մէջ հայ հոգեբան Նունէ Գարախանեան:
Քննարկման ընթացքին լսուեցան բազմաթիւ մասնագիտական բացատրութիւններ, կարծիքներ հնչեցին երկու մշակոյթներու համատեղ կեանքի վերաբերեալ: Հետաքրքրական էին յատկապէս ձեռնարկին ներկայ այլազգիներու կարծիքը, որոնք ամուսնացած են հայ կանանց հետ:
Հաշուի առնելով ներկաներու հետաքրքրուածութիւնն ու աշխուժութիւնը, միութեան ղեկավարները խոստացան յաճախակիօրէն կազմակերպել նմանօրինակ քննարկումներ: