Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Սթամպուլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը Պիտի Ոգեկոչեն

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան նաեւ Սթամպուլի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Նախորդ տարիներուն նման այս տարի եւս, թրքական «Ոչ ըսէ ռասիզմին եւ խտրականութեան» կազմակերպութիւնը նախաձեռնած է շարք մը ձեռնարկներ:

Ապրիլ 22-ին Ճեզայիր սրահի մէջ տեղի պիտի ունենայ մամուլի ասուլիս, ուր պիտի ներկայացուին ոգեկոչման արարողութիւնները եւ պիտի դատապարտուի հայերու դէմ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացած ոճրագործութիւնը:

Ապրիլ 24-ին Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ, Թուրքիոյ ժամանակով 15:30-ին պիտի ոգեկոչուի, թրքական բանակին մէջ ցեղային խտրականութեան եւ ատելութեան ենթահողով սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի յիշատակը:

Աւելի ուշ` 19:15-ին Սթամպուլի կեդրոնական Իսթիքլալ պողոտայի վրայ պիտի կայանայ ոգեկոչման գլխաւոր արարողութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին