Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Չեխիոյ Հայ Համայնքը Եւրոպական Միութենէն Պիտի Պահանջէ Արժանի Գնահատական Տալ 1915 Թուականի Դէպքերուն

Չեխիոյ հայ համայնքը պիտի դիմէ Եւրոպական Միութեան վերանայելու իր մօտեցումը եւ 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու նկատմամբ իրականացուցած ցեղասպանութեան տալու արժանի գնահատական:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է՝ «Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանդր Սարգսեան:

Չեխիոյ մէջ կը գործէ «Ապրիլ 24 կոմիտէ», որ արդէն շուրջ 5 տարիէ կը համակարգէ Ապրիլ 24-ի ծրագիրները: Այս տարի որոշուած է, որ ապրիլքսանչորսեան ձեռնարկները պիտի սկսին Ապրիլ 22-ին, պիտի շարունակուին 23-ին եւ պիտի եզրափակուին  24-ին: Մեկնարկը պիտի տրուի Ապրիլ 22-ին Եիհլաւա քաղաքին մէջ: Այնտեղ տեղադրուած է խաչքար, ուր հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ պիտի խոնարհեն, ծաղկեպսակ պիտի դնեն` յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը: Այնուհետեւ տեղի Սուրբ Հոգի եղեկեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ եւ մոմավառութիւն: Ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 23-ին Պռնօ քաղաքին մէջ:

Ապրիլ 24-ին մայրաքաղաք Փրակի հայկական եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ, ծաղկեպսակ պիտի դրուի Ֆրանց Վերֆելի յուշաքարին մօտ, ապա հայ համայնքի ներկայացուցիչները երթով պիտի երթան Փրակի մէջ տեղադրուած խաչքարի մօտ:

«Մեր գլխաւոր ուղերձը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն 101 տարիներ անց ոչինչ մոռացուած է: Հայ ազգը պահանջատէր է, 101 տարիները ոչ թէ վերջն են, այլ նոր գործի սկզբ», ըսած է Ալեքսանտր Սարգսեան: Անոր տեղեկացմամբ նամակ պիտի փոխանցեն Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, ինչպէս նաեւ պիտի դիմեն Եւրոպական Միութեան գրասենեակ՝ վերանայելու իր մօտեցումը եւ ճիշդ գնահատական տալու անցեալին մէջ կատարուածին: Ալեքսանտր Սարգսեան ընդգծած է, որ յանցագործը պէտք է պատժուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին