Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Եւրոպական Խորհրդարանի Մէջ Նայիրա Կարապետեան Հայ Ռազմագերիները Կտտանքներու Ենթարկելու Փաստեր Ներկայացուցած է

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Կարապետեան ելոյթ ունենալով, ԵԽԽՎի ազատ քննարկումներու ձեւաչափով միտքերու փոխանակութեան ժամանակ՝ Վեհաժողովի պատուիրակներուն ներկայացուցած է Ազրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմի ընթացքին՝ ազրպէյճանական զինուժի գործած գազանութիւններու փաստեր:

Մասնաւորաբար երբ գլխատուած հայ զօրակոչիկի գլուխը ազրպէյճանական կողմը հպարտութեամբ կը ցուցադրէր ու կը տարածէր համացանցի վրայ, իսկ հայկական կողմին վերադարձուած մարմինները ունեցած են անարգանքի եւ կամ խոշտանգման ակնյայտ հետքեր: «Ռազմագերիներու կտտանքներու շարքէն այլ դէպք մը, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զոհուած 18 տարեկան հայ երիտասարդի մարմինէն առանձին՝ հայկական կողմին վերադարձուցած են տղուն սեռական օրկանները», ըսած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամը:

Անոր այդ ելոյթը ըստ «Արցախփրես»ի տեղադրուած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:

Նայիրա Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ կիրառուած «Կրատ» կայանքի օգտագործումէն, Արցախի մէջ մահացած է 12 տարեկան երախայ մը եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած են:

ԵԽԽՎ պատգամաւորը նաեւ յայտնած է, որ  Արցախեան հակամարտութեան մէջ հայկական կողմի դիրքորոշումը ոչ թէ վէճ է տարածքին համար, այլ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկուն`  ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի վրայ հիմնուած մօտեցում:

Ըստ Նայիրա Կարապետեանի Ազրպէյճանի գործողութիւնները ոչ միայն կը  խախտեն ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի շրջանակներու մէջ Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը` բարեխղճօրէն մասնակցելու բանակցային գործընթացին, այլեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած միջազգային հիմնարար իրաւունքի շարք մը  սկզբունքներ՝ 1970-ի Միջազգային իրաւունքներու հռչակագիրին, 1975-ի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին