Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Այսօր Ցուցահանդէս-Վաճառք Հայկազեան Համալսարանէն Ներս` Ի Զօրակցութիւն Արցախի

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` այսօր Ապրիլ 19-ին Հայկազեան համալսարանէն ներս  տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս-վաճառք, ուր պիտի  ներկայացուին տարբեր իրեր, ձեռագործ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներ, անուշեղէն, որոնց վաճառքէն գոյացած ողջ գումարը պիտի տրամադրուի Ատրպէյճանի վայրագ գործողութիւններէն տուժած արցախցի ընտանիքներուն:

Աւելցնենք, որ այս Հայկազեան համալսարանի միակ նախաձեռնութիւնը չէ Արցախին օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ:

Հայկազեան համասարանի օտարազգի ուսանողներուն համար պատրաստուած են Արցախի պատմութեան, արցախեան հիմնախնդիրին նուիրուած եւ Ատրպէյճանի բռնարարքները փաստող տեղեկատուական գրքոյկներ: Իսկ օրերս, երբ համասարանի մարզական խումբերը Յունաստանի մէջ մրցաշարի մասնակցած են, խաղերուն ընթացքին ծածանած են նաեւ Արցախի դրօշը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին