Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Չեխահայերու Բողոքը Ի Պաշտպանութիւն Արցախի

Ապրիլ 16-ին Փրակի մէջ չեխահայ համայնքը` «Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան եւ «Ապրիլ 24» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց  կազմակերպած էր` զօրակցելով Արցախին եւ Հայոց բանակին:
«Բողոքի ցոյցին միախմբուած 200-է աւելի հայեր մասնակցեցան ոչ միայն մայրաքաղաք Փրակէն, այլեւ Պռնօ, Եիհլաւա, Ուստի-Նատ-Լապեմ, Թեփլիցէ եւ Ժտառ-Նատ-Սազաւօ քաղաքներէն, որոնց մէջ էին 10 հայկական կազմակերպութիւններու անդամներ: Ցոյցը 700 մեթրնոց Եռագոյնով, պաստառներով եւ ազրպէյճանական վայրագութիւնները դատապարտող կոչերով սկսանք Փրակի Սթառոմեստսկի հրապարակէն, որ մայրաքաղաքի զբօսաշրջային յայտնի վայրերէն է», «Հայերն Այսօր»-ի թղթակիցին հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ըսաւ՝ «Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեան եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի ձեռնարկեն` աշխարհին իրենց արդար պահանջը լսելի դարձնելու եւ Ազրպէյճանի նախայարձակ ու սադրիչ գործողութիւնները կանխելու համար:
Ցուցարարներու բազմութիւնը հրապարակէն շարժած է դէպի Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցչութիւն եւ Չեխիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն: Օրը ամփոփուած է Փրակի հայկական Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին մէջ, ուր բոլորը դիտած են «Ղարաբաղի վէրքերը» ֆիլմը: Նշենք, որ նոյն օրը Չեխիոյ մէջ ապրող ազրպէյճանցիները նոյնպէս բողոքի-ցոյց  կազմակերպած են, որուն միայն 30 մարդ  մասնակցած է:
Պարոն Սարգսեան տեղեկացուց նաեւ, որ Ապրիլ 6-ին քննարկումներու արդիւնքով համայնքային ներկայացուցիչներով բողոք-նամակ  յղած են Չեխիոյ նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանի երկու նախագահներուն` կոչ ընելով օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները` դադրցնելու Ազրպէյճանի ռազմական նկրտումները եւ վերջ տալու ԼՂՀ-ի բնակչութեան մարդու իրաւունքերը կոպտօրէն ոտնահարելու շարունակական գործողութիւնները:
Աւելցնենք նաեւ, որ Չեխիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը եւ եկեղեցին, Արցախի մէջ սկսած լարուած իրավիճակէն ետք  համայնքային ներկայացուցիչներով ամէն շաբաթ հանդիպում  կը կազմակերպեն` քննարկելու համար Արցախին օժանդակութիւն տրամադրելու յետագայ ծրագիրները: Իսկ Եիհլաւայի հայ երիտասարդներու թեւը Արցախեան հիմնախնդիրին նուիրուած համաժողով մը կազմակերպած է, ուր խօսուած է ազպէյճանական թշնամական քաղաքականութեան եւ անկէ բխող յետագայ վտանգները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին: Համաժողովին մասնակցած են նաեւ չեխ երիտասարդներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին