Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Ռազմական Գործողութիւնները Արցախի Դէմ

Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքը, Հայկական քաղաքական կազմակերպութիւնները, ՀՅԴի Լոնտոնի մասնաճիւղի, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու եւ իրենց մշակութային ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ միասին, խստօրէն կը դատապարտեն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ իրականացած Ազրպէյճանի ահաբեկչութիւնները եւ ռազմական գործողութիւնները:

Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքի անունէն մենք կը դիմենք բրիտանական կառավարութեան եւ խորհրդարանի պատգամաւորներուն դատապարտելու ազրպէյճանական գործողութիւնները, ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, արցախահայութեան իրաւունքները, ինչպէս նաեւ 1915-ին Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Համայնքը ստեղծած է Արցախի Օգնութեան Ֆոնտ, որ պիտի ծառայէ Արցախին աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին