Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Հայոց Կաթողիկոսները 500-հազարական Տոլար Նուիրաբերած Են Արցախին

Ապրիլ 14-ի երեկոյեան, աւարտելով երկօրեայ այցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Այցի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու ժամանակ, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու Պաշտպանութեան բանակին` աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախին  փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ իր թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլար գումար մը: Նոյնքան գումար Արամ Ա Կաթողիկոսը փոխանցած է նոյն նպատակին համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն կողմէ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները թեմերուն մէջ կը շարունակուին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին