Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Հակառակորդը Դիպուկահար Զինատեսակներէ Անկանոն Բնոյթի Կրակահերթեր Արձակած Է Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ

Շաբաթավերջին հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 18 միջադէպ:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան  տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի փոխանցմամբ, ազրպէյճանական կողմը տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ դիպուկահար զինատեսակներէ, անկանոն բնոյթի կրակահերթեր արձակած է հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ: Բացի հրաձգային զինատեսակներէ` կիրառած է նաեւ 60 մմ-ոց ականանետ (2 արկ):

ՀՀ Զինեալ ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները ցուցաբերելով զսպուածութիւն, պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային եւ վստահօրէն կը վերահսկեն սահմանային իրավիճակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին