Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Թէքէեանական 6-րդ Մրցոյթի Առաջին Մրցանակներուն Արժանացան Երկու Սուրիահայ Դպրոցականներ

Ապրիլ 15-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի ջանքերով, Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մշակոյթի բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Թէքէեանական 6-րդ մրցոյթի  յաղթողներու մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը 2010 թուականէն կ’իրականացնէ «Թէքէեանական  մրցոյթ» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս կ’իրականանան մրցոյթներ «Մաթեմատիկա», «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն», «Անգլերէն լեզու» առարկաներէն: Ծրագիրի նպատակն է խթանել ու խրախուսել հայոց եւ օտար լեզուներու, հայ գրականութեան,  ինչպէս նաեւ այլ առարկաներու իմացութիւնը, հնարաւորութիւն տալով աշակերտներուն դրսեւորելու իրենց գիտելիքները առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու տարբեր մարզերու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան, Կարբի գիւղի Թէքէեանի անուան դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեան, Երեւանի «Ուսմունք» վարժարանի փոխտնօրէն Անահիտ Աւետիսեան եւ Կարէն Տէմիրճեանի անուան 139 դպրոցի մաթեմատիկայի ուսուցչուհի Անահիտ Գէորգեան:

Մրցանակաբաշխութեան մասնակցեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի պետ Անահիտ Դաւթեան: Նախարարութեան անունէն ան  շնորհակալութիւն յայտնեց «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին, հիմնադրամի նախագահ լոնտոնաբնակ Վարդան Ուզունեանին եւ մրցոյթի կազմակերպիչներուն: Անահիտ Դաւթեան նշեց, որ այս տարի մրցոյթին առաջին անգամ մասնակցեցան՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած 9 սուրիահայ դպրոցականներ: «Ասիկա հիանալի հնարաւորութիւն էր` աւելի աշխուժացնելու շփումները տարեկիցներուն հետ եւ ա՛լ աւելի արագ ընդելուզուելու նոր միջավայրին: Կարճ ժամանակահատուածին մէջ անոնք  իւրացուցին հայաստանեան ծրագիրները եւ մրցակցելով իրենց հասակակիցներուն հետ` յաղթանակներ արձանագրեցին», աւելցուց Դաւթեան:

Մրցոյթին «Անգլերէն լեզու» առարկայի առաջին մրցանակը ստացան սուրիահայեր Միհրան Կուզիբիւքեան, «Մաթեմատիկա» առարկայէն` Նարոտ Քէյվանեան:

Բոլոր 65 մասնակիցներուն տրուեցան խրախուսական մրցանակներ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին