Դարձեալ շաբաթավերջին ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյնը:
ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` հակառակորդը առաջնագիծի ողջ երկայնքով աւելի քան 70 անգամ խախտած է կրակի դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը` հիմնականօրէն կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ:
Կրակի դադրեցման շուրջ ձեռք բերուած բանաւոր պայմանաւորուածութեան խախտման արդիւնքով` շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ ժամը 02:15-ի սահմաններուն մէջ տեղի ունեցած է միջադէպ, որուն հետեւանքով հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն՝ ձախ բազուկէն հրազէնային գնդակային միջանցիկ վէրք ստացած է զինծառայող Գագիկ Վեաչեսլաւի Խուրշուտեանը:
Ազրպէյճանական զինուժի նախայարձակ գործողութիւններուն ի պատասխան` ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են կանխարգելիչ քայլերու եւ ճնշած հակառակորդին յարձակումը:
Ղարաբաղեան ուժերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ապահովել սահմանային բնագիծի յուսալի պաշտպանութիւնը: