Հայաստանի մէջ թողարկած են 16 խաղերէ բաղկացած փաթեթ, որ կը սորվեցնէ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն (որ յատկապէս արդիական է Սփիւռքի մէջ): Playland Armenia խաղը մշակած է Digital Pomegranate ընկերութիւնը` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Խաղերը նախատեսուած են սկսնակներու համար ու չեն պահանջեր լեզուի իմացութիւն:
Digital Pomegranate-ը կը գտնուի Գիւմրիի ճարտարագիտական կեդրոնին մէջ, որ կը համակարգէ Ձեռնարկութիւններու հիմնադրամը:
Այբուբեն, թիւեր, բառեր, գոյներ ու հեքիաթներ սորվեցնող խաղերէն բացի, ծնողներուն կը տրամադրուին նաեւ ներկելու գիրքեր, քարտէզներ ու այլ հաւաքածուներ:
Խաղը ներկայացուած է 2015 Հոկտեմբերին DigiTec Expo ցուցահանդէսին, որմէ ետք յաղթած է Հայաստանի համակարգչային խաղերու բաց մրցոյթին` լաւագոյն խաղ եւ լաւագոյն ձեւաւորում անուանակարգերով:
Հիմա Playland Armenia-ն հասանելի է անձնական համակարգիչներու, նաեւ iOS եւ Android-ով պլանշեթներու վրայ: