Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Վերակառուցում Քառօրեայ Պատերազմէն Ետք

Քառօրեայ պատերազմի ժամանակ մեծ վնասներ կրած են Արցախի շարք մը բնակավայրեր ու խաղաղ բնակիչներ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւնները օգտուելով ստեղծուած համեմատաբար խաղաղ վիճակէն, անմիջապէս անցած են գործի եւ արդէն քանի մը օրէ կը զբաղին քառօրեայ պատերազմի պատճառած վնասներու գոյքագրման ու հետեւանքներու վերականգնման աշխատանքներով:

ԼՂՀ կառավարութեան պատասխանատու բոլոր ստորաբաժանումները ներգրաւուած են այդ գործընթացին մէջ: ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը արդէն հաշուառկած է պետութեան հասցուած նիւթական վնասներուն չափը, գիտեն ինչ անհրաժեշտ է քաղաքաշինական եւ այլ ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու բնականոն աշխատանքի համար:

Հայաստանէն սպասուող աջակցութիւնը նոյնպէս չէ ուշացած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին