Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Պէտք է Միջազգային Հանրութիւնը Արժանի Գնահատական Տայ Ազրպէյճանի Քայլերուն. Չեխիոյ Հայերը Բողոքի Ցոյց Պիտի Կատարեն

Չեխիոյ հայկական համայնքը Ապրիլ 16-ին Փրակայի մէջ պիտի իրականացնէ բողոքի ցոյց մը` ընդդէմ Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը։

Բողոքի ցոյցը նախաձեռնած է «Ուրարտու հայ չեխական միութիւն»-ը: Միութեան նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեան յայտնած է, որ իրենց միացած են տեղական 10 այլ հայկական կազմակերպութիւններ: Բողոքի շարժումը պիտի իրականանայ Փրակայի Սթառոմեսդսքի հրապարակին վրայ: Շարժման նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել՝ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններուն վրայ:

«Վայրը պատահական չէ ընտրուած, այդ հրապարակը միշտ ուշադրութիւն կը գրաւէ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու այցելութեամբ: Մենք մեր բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնենք Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ: Պէտք է միջազգային հանրութիւնը արժանի գնահատական տայ Ազրպէյճանի քայլերուն», ըսած է Ալեքսանտր Սարգսեան:

Բողոքի երթի մասնակիցները հրապարակէն պիտի շարժին դէպի Եւրոպական Խորհրդարանի ներկայացուցչութիւն եւ Չեխիոյ մէջ Ռուսաստանի դաշնութեան դեսպանատուն:

«Մեր պահանջն է նախ դադրեցնել զինեալ յարձակումները: Անոնք որոնք զէնքերը կը վաճառեն Ազրպէյճանին, օր մը ազերիները այդ զէնքերով պիտի կրակեն իրենց ուղղութեամբ: Այս եւ նման այլ լոզունգներով մեր բողոքի ձայնը պիտի բարձրացնենք Ռուսաստանի դեսպանատան մօտ: Եւրոպական Խորհուդէն ալ պիտի պահանջենք իրերը կոչել իրենց անուններով՝ բարձրաձայնել, թէ ով է կրակելը նախաձեռնողը եւ համարժէք գնահատական տալ»:

Հայկական համայնքը Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին տիրող իրավիճակին վերաբերեալ՝ նամակ ուղարկած է իշխանութեան տարբեր ճիւղերու ղեկավարներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին