Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պարսելոնահայութիւնը Կը Զօրակցի Արցախի

Պարսելոնահայութիւնը եւս անմասն չմնաց Արցախի վերջին զարգացումներու լոյսին տակ՝ աշխարհի մէջ կայացած նախաձեռնութիւններէն եւ իր զօրակցական ցոյցով միացաւ տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող երթերուն` իր զօրակցութիւնը յայտնելով հայոց բանակին ու արցախահայութեան: Կիրակի, 10 Ապրիլ 2016-ին նախագահութեամբ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի` Հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ: Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ «Հանրապետական մաղթանք» Հայաստանի եւ Արցախին անսասանութեան համար եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայկական բանակի նահատակներուն ու խաղաղ բնակիչներու հոգիներուն համար: Օրուան պատգամը փոխանցեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան ատենապետ Տաթեւ Սուլեան, որ ամփոփ տողերու մէջ ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատմականը, Միացում շարժման դէպքերը եւ ազատագրական պայքարի հանգրուանները` հասնելով մինչեւ զինադադար: Ան կոչ ուղղեց, որ իւրաքանչիւր հայրենակից, սպանացի ու քաթալանցի իր ընկերներուն հետ զրուցած ատեն՝ Արցախի հակամարտութեան մասին բացատրելու ընթացքին յիշեցնէ, որ արցախահայութիւնը օրինական ճանապարհով եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ձեռք բերած է իր անկախութիւնը, որ սակայն միջազգայնօրէն ճանչցուած չէ:

Սուրբ պատարագի աւարտին Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութեան միօրեայ դպրոցի աշակերտները՝ հայրենասիրական երգերով եզրափակեցին հաւաքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին