Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսներու հանդիսապետութեամբ, երէկ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Արցախի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ Հանրապետական մաղթանքի ժամանակ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները գօտեպնդման ու զօրակցութեան պատգամներ փոխանցեցին արցախահայութեան եւ Հայոց բանակի զինուորականութեան` մաղթելով ուժ ու կորով` ազատութեան եւ անկախութեան համար մղուող արդար պայքարին մէջ:
Հանրապետական մաղթանքէն ետք Հայոց կաթողիկոսները արարողութեան ներկաներուն խաչեր նուիրեցին:
Արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Արցախի Ազգային ժողովի (ԱԺ) նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարական կազմը, զինծառայողներ, կամաւորներ եւ հանրութեան ներկայացուցիչներ: