Միացեալ Նահանգներու Փասատենա քաղաքին մէջ, Ապրիլ 14-ին կը կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափներուն մասին պատմող «Հայաստա՛ն, իմ սէր»՛ ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
Բեմագիրն ու բեմադրիչը Տայանա Էնճլսընն է, որ նաեւ նկարահանուած է ֆիլմի մէջ:
Ֆիլմի առանցքային կերպարը փոքրիկ հայ տղայ մըն է, որ վերապրելով Ցեղասպանութիւնը` կրնայ փախչիլ ԱՄՆ ու դառնալ յաջողակ նկարիչ, Latimes.com-ին յղումով կը գրէ Tert.am-ը:
«Հայաստա՛ն, իմ սէր»՛ ֆիլմը կը պատկերէ այն իրականութիւնը, որուն մէջէն ստիպուած եղած է անցնելու իր Հայրենիքէն վռնտուած հայ ժողովուրդը: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ան յոյսի, սիրոյ ու հաւատքի հզօր պատգամ է», նշած է Էնճլսըն:
Ան նաեւ յատնած է, որ ինքն իրեն պարտաւորուած կը զգար այս նիւթով ֆիլմ նկարել, քանի որ կը ճանչնայ բազմաթիւ հայեր, որոնց նախնիներուն կրած տառապանքներուն պատմութիւնները ներկայացուելու կարիք ունին:
Ֆիլմի գլխաւոր դերակատարներէն մէկն է ամերիկահայ յայտնի դերասանուհի Շաքէ Թուխմանեան: