Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Արցախի Հարցով Սաղիմահայութիւնը Իր Ցասումը Արտայայտեց

Գաղտնիք չէ այլեւս, որ ազերի բանակը իր վերջին յարձակումներուն ընթացքին առատօրէն օգտուեցաւ փեթրոտոլարներով գնուած թրքական, ռուսական եւ իսրայէլեան զէնքերէն։ Թրքական զէնքերով նախայարձակումը ձեւով մը հասկնալի էր, որովհետեւ «թուրք եղբայրը պէտք է օգնէր իր թուրք եղբօրը»։ Վրդովեցուցիչ էին Ռուսաստանէն եւ Իսրայէլէն գնուած զէնքերով՝ հայկական կողմի վրայ սանձազերծուած յարձակումները։

Ի դիմաց այս դառն իրականութեան՝ Սաղիմահայութիւնը թէեւ մի բուռ, բայց որպէս հաւատարիմ եւ օրինապահ քաղաքացիները ողջակիզում տեսած ազգի մը ստեղծած պետութեան, այլեւս չէր կրնար իր ցասումի ձայնը չբարձրացնել ընդդէմ Իսրայէլի իշխանութիւններուն, որոնք այլազան միջոցներով միլիառաւոր տոլար արժող արդիական զէնքեր կը վաճառեն արիւնարբու ազերիներուն։ Այսինք հայու արիւնը կը թափի եւ նոր Ցեղասպանութիւն մը կը սարքուի հայ ժողովուրդին դէմ։

Սաղիմահայութիւնը համբերութեան բաժակը յորդած համարելով՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 14-ին, կազմակերպութեամբ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Յանձնախումբին, բողոքի ցոյց մը կատարեց ու պիտի շարունակէ կատարել, Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարութեան համալիրին առջեւ։ Խաղաղ ցոյցի մասնակիցները կոչեր ուղղեցին օրուան վարչապետին եւ իշխանութեան համապատասխան մարմիններուն, որ իրենց զէնքերու վաճառքին հասոյթը չգոյացնեն խաղաղ հայ բնակչութեան արեան հաշւոյն։ Պէտք է ընդգծել նաեւ այն փաստը, որ գտնուեցան նաեւ հրեայ մտաւորականներ ու գործիչներ, որոնք իրենց բողոքն ու զայրոյթը չվարանեցան արտայայտել մամուլով եւ զօրակցական ելոյթներով։

april 15

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին