Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ Սփիւռքի երկրորդ «Ուիքի Ճամբար»-ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փորթուկալի մէջ։
Ճամբարը պիտի կազմակերպուի Քատավալ (Cadaval) քիւղաքաղաքի երիտասարդական “Tempo de Aventura” կայանի սահմաններէն ներս, Օգոստոս 17-էն մինչեւ Օգոստոս 26։ Տասը օրուան ընթացքին մասնակիցները ո՛չ միայն առիթը պիտի ունենան արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու՝ զիրենք հետաքրքրող նիւթերու մասին, այլեւ բազմաթիւ բացօթեայ մարզախաղերու պիտի մասնակցին, Եւրոպայի չորս ծագերէն ժամանած նոր բարեկամներու պիտի հանդիպին եւ յիշատակելի մէկ ու կէս շաբաթ պիտի անցնեն միասնաբար։
Անցեալ տարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու բաժանմունքը եւ «Ուիքիմետիա Հայաստան» կազմակերպութիւնը միասնաբար սկսան՝ Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն «Ուիքի Ճամբար» ձեռնարկը։ Արեւմտահայերէնով առաջին «Ուիքի Ճամբար»-ը տեղի ունեցաւ 2015-ի Օգոստոս 3-էն մինչեւ Օգոստոս 12 Պէյրութի մէջ, աւելի քան վաթսուն մասնակիցներով (աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մասնագէտներ)։ Ճամբարի ընթացքին աշակերտները առիթը ունեցան իրենց կարողութիւնն ու ինքնավստահութիւնը զարգացնելու թէ՛ «Ուիքիփետիա»-ի ու Wiktionary-ի յօդուածներ գրելով ու խմբագրելով եւ թէ՛ արեւմտեան լեզուներէ յօդուածներ թարգմանելով։ 2015-ի սկիզբը «Ուիքիփետիա»-ն արեւմտահայերէն 650 յօդուածներ ունէր։ Տարի մը ետք՝ 2016-ի սկիզբը այդ թիւը բարձրացած էր 3546-ի։ Այս հնգապատիկ աճումին գլխաւոր պատճառը՝ պատանիներու համար կազմակերպուած «Ուիքի Ճամբար»-ը եղաւ, որ բորորին համար հաճելի, խանդավառ եւ աշխատունակ մթնոլորտ մը ստեղծեց։
Փորթուկալի ճամբարը ուղղուած է 16-էն 25 տարեկան երիտասարդներու եւ անվճար պիտի ըլլայ մասնակիցներուն համար։ Հետաքրքրուող անձերը պէտք է «Ուիքի Ճամբար Փորթուկալ» հարցաթերթիկը ամբողջացնեն եւ ներկայացնեն մինչեւ Մայիս 10։ Տրամադրելի տեղերու թիւը սահմանափակ է եւ կ՚ակնալենք, որ շատ դիմողներ պիտի ըլլան։ Դիմումի գործընթացը առցանց է եւ կը պարունակէ ի միջի այլոց հայերէնով շարադրելու բաժին մը։