Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Դէմ Բողոքի Ցոյց Ուրուկուէյի Մէջ

Համահայկական ցասումի այս օրերուն, երբ մեր բոլորին սեւեռակէտը Արցախի նկատմամբ թուրք-ազերի բանակի սանձազերծած լայնածաւալ եւ գազանաբարոյ գործողութիւններն են ու այդ քոչուոր ժողովուրդին դէմ պողպատեայ կամքով ծարացած՝ մեր յաղթապանծ Հայկական Բանակի հերոս որդիներն են, մենք ալ իբրեւ Ուրուկուէյի հայ գաղութ, անմասն չէինք կրնար մնալ այս համազգային պոռթկումին դիմաց եւ համագաղութային նախաձեռնութեամբ մը իջանք փողոց՝ մեր ձայնը լսելի դարձնելու եւ խստօրէն դատապարտելու, Ալիեւներու ահաբեկչական եւ ոճրագործ վարչակարգին դէմ, որ ապաւինելով իր «փեթրօտոլարներու»ն, ազատ համարձակ կը սպառնայ իր արկածախնդրութեամբ, վտանգի ենթարկելով ամբողջ տարածաշրջանը, վայելելով ոչ միայն իր «Մեծ» եղբօր՝ Թուրքոյ հովանաւորութիւնը, այլեւ գերտերութիւններու լռութիւնը։ Այս մասին «Եռագոյն»-ին հաղորդած է Կարօ Հէքիմեան:

Բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլին մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի կեդրոնական հրապարակներէն Լիպերթատի (Ազատութիւն) վրայ, ուր հարիւրաւոր հայ եւ ոչ հայ ցուցարարներ, որոնց մէջ նաեւ Ծերակոյտի անդամ Ռուբէն Մարթինէս Ուէլմօ, պատգամաւոր Տանիէլ Ռաթիօ, Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան եւ արտաքին գործոց նախկին փոխ նախարար Պելելա Հէրէրա, զբօսաշրջութեան եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Լիլիան Քէշիշեան, Արժանթինի դեսպանութեան պատասխանատուներէն Ալպերթօ Գառնիկեան, նախագահութեան արդարադատութեան յանձնաժողովի նախագահ Ատեմար Օլիվէրա, Ուրուկուէյի խորհրդարանի հայ փոխ պատգամաւորներ Անթոնիօ Զուլամեան, Խօսէ Լուիս Սաթճեան եւ բազմաթիւ ուրուկուէյցի բարեկամներ, որոնք եկած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի քաջարի ժողովուրդին, միանալով բազմահարիւր ցուցարարներուն, որոնք զանազան պաստառներով, Հայկական Եռագոյն եւ Արցախի դրօշներով լեցուցած էին հրապարակը։ Զգալի էր յատկապէս երկսեռ երիտասարդներուն ներկայութիւնը, որոնք կազմակերպուած շարքերով, անցորդներուն յատուկ պատրաստուած թերթիկներ կը բաժնէին՝ բողոքի ցոյցի նպատակի մասին։ Տեղեկատուական միջոցներու թէ՛ տեղական եւ թէ միջազգային բազմաթիւ լրագրողներ, հարցազրոյցներ կատարեցին գաղութիս կարգ մը պատասխանատուներուն հետ, որոնցմէ շատերը ուղղակի եթերի միջոցաւ։

Արձագանգը թէ՛ գրաւոր եւ թէ՛ բանաւոր լրատուական միջոցներուն ու անոնց հետաքրքրութիւնը իսկապէս տպաւորիչ էր։ Հաւաքի ընթացքին Ուրուկուէյահայ երիտասարդական միութիւներու կողմէ պատրաստուած եւ Ազրպէյճանի ոճիրները խիստ դատապարտող յայտարարութիւն մը կարդացուեցաւ։ Հաւաքը շարունակուեցաւ ազգային յեղափոխական, ինչպէս նաեւ Արցախին նուիրուած երգերով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին