ԱՄՆի Պետական բաժանմունքը հրապարակած է 2015-ի մարդու իրաւունքներու տարեկան զեկոյցը, որ Գոնկրէսին ներկայացուցած է պետական քարտուղար Ճոն Քերին:
ԱՄՆի Պետական բաժանմունքի կայքին մէջ (www.state.gov) տեղադրուած զեկոյցին մէջ, ըստ Artsakhpress.am-ի կը նշուի, որ 2015-ին Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մէջ են բանակին մէջ մարմնական խոշտանգումները, լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու գործունէութեան արգիլումն ու սահմանափակումները:
Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ դատական համակարգը՝ այլախոհները չէզոքացնելու համար: Զեկոյցին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի քաղաքացիներու հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են՝ ընտրութիւններու միջոցով իշխանութիւն փոխելու հարցով: