Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Անվիճելի իրականութիւն է, որ պատերազմական այս օրերու ընթացքին Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ` համախմբուած անպարտելի ուժ, որուն դէմ անզօր գտնուեցաւ թշնամին իր բոլոր նենգութիւններով հանդերձ:
Իսկապէս իւրօրինակ ազգ ենք. պատերազմական օրերուն կը վերադառնանք Հայրենիք, կը միանանք տեղի ալեհեր, նախկին ազատամարտիկ, փորձառու, անփորձ, սակայն պատրաստակամ կամաւորներուն, որոնք զուռնա-դհոլի ուղեկցութեամբ կը մեկնին ճակատ` երիտասարդ զինուորի կողքին ըլլալու եւ մահն անգամ անտեսելով` նուիրուելու Հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին:
Համայն հայութիւնը, մեծ ու փոքր համայնքները, մեծաթիւ ու երբեմն միայնակ իրենց բողոքի ձայնը կը բարձրացնեն` կանգնեցնելու ազերիական վոհմակի քրէական գործելաոճն ու ռազմական յանցագործութիւնները
Օրերու ընթացքին համախմբուած հայութիւնը դրամական միջոցներ հայթայթեց եւ կը շարունակէ այդ գործընթացը` աջակցելու Պաշտպանութեան բանակի սպառազինման, ինչպէս նաեւ վիրաւոր, զոհուած զինուորներու եւ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն:
Անօրինակ սխրանք արձանագրուեցաւ նաեւ լրատուական դաշտէն ներս, լրագրողներու մեծ խումբ մը մարտի դաշտ մեկնեցաւ: Անոնք ոչ միայն իրենց հրապարակումներով բանակի եւ ժողովուրդի ոգին բարձրացրուցին, այլեւ իրավիճակի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու, հայութեան յուսադրող նիւթեր տրամադրելու համար, անոնք անվախ կերպով խրամատի մէջ էին` մեր հերոս ու հերոսացող զինուորներուն կողքին:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այս պահուն ամենաէականը մեր համախմբուած ըլլալն է, պէտք է ամէն գինով փայփայենք ձեռք բերուած միասնական ոգին, որուն գինը, ինչ խօսք, շատ թանկ վճարեցինք` տասնեակ երիտասարդ կեանքեր զոհուեցան Հայրենիքի անկախութիւնն ու սահմանները անխախտ պահելու համար: Յանուն այդ գարուն ու անմահ կեանքերուն` մնանք բռունցքուած, շարունակենք ամբողջ ազգով ծառայել մեր բանակին. այդպէս միայն կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ մնալ անպարտելի:
Ցաւօք Արցախի հարցը դեռ վերջնականօրէն չէ լուծուած, ԼՂՀ-ն միջազգայնօրէն դեռ չէ ճանչցուած, ուրեմն մեր ուժը եւ հնարաւորութիւնները ներդնենք մեր պետութեան հզօրացման յառաջընթացի համար, քանզի հզօր պետութիւնն է մեր անվտանգութեան երաշխաւորը: Մենք ազգովի կը մնանք բանակ այնքան ժամանակ, քանի դեռ միասնաբար չենք լուծած մեր ազգային գերխնդիրները:
ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն