Ուրբաթ, 04. 10. 2024

spot_img

Ինչո՞ւ Կան Յառաջադէմ Ու Լուսանցքի Վրայ Գտնուող Երկիրներ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ գիշեր հետեւեալ լուրը կարդացի: Ճափոնի մէջ, սիրելի ընթերցող, շոգեկառքի ուշացումը շատ հազուադէպ է եղեր, սակայն եթէ այդ մէկը պատահի, անոր պատասխանատուները հարցը շատ լուրջի կ՛առնեն եւ շոգեկառքի ուղեկցորդը (conductor) մէկ առ մէկ անձնապէս կը մօտենայ իւրաքանչիւր ճամբորդողի՝ ներողութիւն խնդրելով անկէ, փոխանակ բարձրախօսով ընդհանրական յայտարարութեամբ մը ընելու այդ մէկը…։

Կայ սակայն աւելին…։

Եթէ ուշացումը 5 վայրկեանէ աւելի ըլլայ, «արդարացուցիչ թղթիկ» մը կը յանձնուի շոգեկառքի վրայ գտնուող իւրաքանչիւր անձի, որ ի պահանջեալ հարկին զայն ներկայացնէ իր գործատէրին կամ դպրոցի տնօրէնութեան՝ խուսափելու համար տհաճ վիճակէ…:

Ի տես այս լուրին այլեւս բնաւ երբեք զարմանալու չէ, թէ ինչո՞ւ կան յառաջադէմ ու լուսանցքի վրայ գտնուող երկիրներ…: Ինչո՞ւ մարդկային ընկերութիւններ աւելի քան յաջող են՝ մինչ ուրիշներ տակաւին կը խարխափին մթութեան մէջ…: Ինչո՞ւ Ճափոնը օրինակի համար Լեքսըս ինքնաշարժը կ՛արտադրէ, մինչ մենք այստեղ տակաւին կը կռուինք, թէ ո՞ր ձիթենիի ծառը որո՞ւն կը պատկանի…: Ինչո՞ւ Ճափոնը քանի մը տարիէն միայն ապաքինեցաւ Նակազաքիի եւ Հիրոշիմայի նման հսկայ աղէտներէ՝ դառնալով աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութիւններէն մին, մինչ մենք մեր ճամբաներուն վրայի փոսերը տակաւին կը գոցենք հա կը գոցենք եւ դեռ չեն գոցուիր…:

Կը յիշե՞ս սիրելի ընթերցող Լիբանանի պետական փոխադրամիջոցերը…:

Մտածածիս մնացեալը կ՛ամչնամ հոս շարունակել գրել…:

Բարի օր քեզի:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին