Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Շուէտի Մէջ ՀՀ Դեսպանատունը Դատապարտած Է Թրքական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչին Հայատեաց Կոչերը

Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը դատապարտած է՝ Ապրիլ 9-ին Սթոքհոլմի կեդրոնը ազրպէյճանական, թրքական եւ թուրքմէնական համայնքները ներկայացնող շարք մը կազմակերպութիւններու հանրահաւաքի ժամանակ հնչած հայատեաց կոչերը:

Շուէտի մէջ թրքական կազմակերպութիւններու համադրող կեդրոնի փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանին հնչեցուցած էր բռնութիւն, ատելութիւն եւ ցեղային խտրականութիւն հրահրելու բացայայտ յատկանիշեր պարունակող շարք մը հակահայկական յայտարարութիւններ, որոնք արժանացած էին հաւաքի մասնակիցներուն բացայայտ աջակցութեան:

Դեսպանութիւնը դատապարտած է էթնիկ, կրօնական կամ այլ խումբերու դէմ բռնութեան քարոզի եւ ատելութեան սերմանման որեւէ դրսեւորում՝ նշելով, որ խորապէս կը ցաւի քրէական գործելաոճի այսպիսի արտայայտութեան համար: Դեսպանութիւնը լիայոյս է, որ Շուէտի կառավարութիւնը կը դատապարտէ ատելութեան եւ այլատեացութեան այս դրսեւորումը եւ կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ Շուէտի մէջ  հայ քաղաքացիներուն եւ հայկական հաստատութիւններուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Յիշեցնենք, որ հայկական համայնքը ընդվզելով թուրք կազմակերպիչի արտայայտութիւններէն՝ բողոքի ձայն բարձրացուցած է ոստիկանութիւն դիմելով։ Իբրեւ արդիւնք հայ համայնքի բողոքին՝ Պարպարոս Լէյլանին հրաժարած է Շուէտի մէջ Թուրքիոյ ազգային ընկերակցութեան փոխնախագահի իր պաշտօնէն:

Շուէտահայերը իրենց պայքարը կը շարունակեն՝ Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպելով բողոքի ցոյց մը եւ պահանջելով հաշուի կանչել հակահայկական կոչեր ընող թուրքը եւ զայն հեռացնել Սթոքհոլմի մեծագոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ իր զբաղեցուցած պաշտօնէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին