Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Սեղանն է Առատ, Դիմացն Արարատ

*ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ*

Արարատի ծեր կատարին Դար է եկել, վայրկեանի պէս, Ու անցել:

Անհուն թուով կայծակների Սուրն է բեկուել ադամանդին, Ու անցել:

Մահախուճապ սերունդների Աչքն է դիպել լոյս գագաթին, Ու անցել:

Հերթը հիմա քոնն է մի պահ.Դու էլ նայիր սէգ ճակատին, Ու անցիր:

Աւետիք Իսահակեան

Շուրջ երեք ամիսներէ ի վեր հոս՝ Հայաստանի տղուս տունն ենք, որուն պատուհանէն յստակօրէն կ’երեւայ Արարատը, բայց սխալ տեղ մըն է՝ Թուրքիոյ մէջ: Իսկ մենք՝ հայ ժողովուրդը կազմաւորուեր է Արարատի շուրջ, պաշտեր է զայն, հպարտացեր է անով, բայց ներկայիս հեռուէն դիտող մըն է միայն, անզօր սեփականատէրը անոր: Ձիւնառատ զոյգ գագաթներով կախարդուած, զիս՝ ինչպէս նաեւ տակաւին իրենք զիրենք հայ զգացողները: Պատմութիւնը վկան է անոր հայկականութեան, բայց մարդկային արդարութիւնը կոյր ու խուլ կը մնայ մեր իրաւունքին դէմ՝ հակառակ, որ թուրք ըսուած ժողովուրդը չկար անոր շրջակայքը 14րդ դարէն առաջ, երբ թուրքերը կեդրոնական Ասիոյ մէջ ոչխար արածելով զբաղած էին: Ապա անոնք իրենց արածած կենդանիներուն շուկայ փնտռելով հասած են նաեւ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդին կողմէ սրտբացօրէն հիւրընկալուելով հաստատուեր այս շրջանին մէջ: Յափշտակիչ ու բազմածին այդ ժողովուրդը հետզհետէ զօրանալով տիրապետեր է այժմ Թուրքիա կոչուած երկիրը. գրաւելով հայ թագաւորանիստ մայրաքաղաքը՝ Անին եւ Կարսը, Էրզրումն ու Երզնկան, Կեսարիան եւ Ատանան ու ամբողջ Կիլիկիան, ի վերջոյ հասնելով Սթամպուլ: Եւ որպէսզի «Հայկական հարց» ըսուածը որեւէ «գլխու ցաւ» չկարենայ պատճառել, իրագործեր է 1915ի Ցեղասպանութիւնը, ջարդելով շուրջ երեք միլիոն հայութիւնը, ներառեալ՝ տարագրութեան ճամբուն վրայ մահացած հարիւրաւոր հազարները:

Այժմ մեզի մնացած է շուրջ 30,000 ք.ք. փոքրիկ Հայաստանը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աքցանին միջեւ: Տէր ըլլանք անոր: Չի բաւեր մեր մշակոյթի առաւելութիւնը: Պէտք է ուժ մէջտեղ բերել. այնպիսի ուժ, որ պատկառանք ազդէ: Այս առթիւ չեմ վարանիր օրինակը տալ Իսրայէլի, որ թշնամի միջավայրի մէջ ինքզինք պարտադրած է: Եւ ասիկա կ’ըսեմ հակառակ արաբ ժողովուրդի իրաւունքին հանդէպ ունեցած համոզումիս: Այս օրինակով ըսել կ’ուզեմ նաեւ, որ Հայաստան եւս նման գերակայ ուժի մը տիրապետելու անհրաժեշտութիւնը ունի:  Սփիւռքի մէջ ունինք միլիառատէրեր, որոնք իրենց հարստութենէ պատկառելի գումարներ պիտի չվարանին տրամադրել Հայրենիքի պաշտպանութեան համար:

Համոզուած ենք նաեւ, որ Ռուսիոյ հետ մեր բարեկամութիւնը թշնամիներու յարձակողական ախորժակը զսպող կարեւոր ազդակ մըն է:

1 Փետրուար 2016

Երեւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին