Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Շնորհակալութիւն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանահայ Վարժարաններու մեծամասնութիւնը ընդառաջեց «Զարթօնք»ի կոչին՝ իր աշակերտութեամբ ներկայ գտնուելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ, Ապրիլեան Յուշակոթողին շուրջ Արցախի նեցակցութեան համար կազմակերպուած Հաւաք-Բողոքին:

Շնորհակալութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան եւ Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանին, որ ինչպէս միշտ օրհնեց այս համահայկական հաւաքը:

Շնորհակալութիւն մասնակից վարժարաններու տնօրէնութեանց, որոնք հեռու ամէն տեսակի հատուածականութենէ եւ լաւապէս գիտակից Հայ Վարժարանի առաքելութեան, որ աւելի վեհ է ու բարձր ամէն տեսակի ակադեմական կամ այլ նկատառումէ, փութացին իրենց աշակերտներու ներկայացուցչական խումբ մը ուղղարկել Հաւաքի վայրը:

Հայ աշակերտը այս հաւաքով անգամ մը եւս գիտակցեցաւ, որ տեղեկատուութիւնը եւ լոպիինկը նոյնքան կարեւոր են, որքան ռազմական գործողութիւնները: Անոնք ոգեկոչելով իրենց հասակակից Արցախցի նահատակ աշակերտին՝ Վաղինակ Գրիգորեանի յիշատակը, միասնակամ կեցուածքով նաեւ անդրադարձան, որ եթէ իրենք որպէս փոքրահասակ աշակերտներ, չեն կրնար մարտական գործողութիւններու մաս կազմել, սակայն կրնան քաղաքակիրթ ձեւով հաւաքուիլ միատեղ՝ իրենց ձայնը հասցնելու հանրային կարծիքին ու այս միջոցաւ նեցուկ կանգնիլ Հայոց բանակին:

Լիբանանահայ աշակերտութիւնը միաբերան պահանջեց Արցախի անկախութիւնը, որ լաւագոյն միջոցն է հակամարտութեան դադրեցումին ու դրացի գերիշխան երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն հաստատելուն:

Կեցցէ Լիբանանահայ աշակերտութիւնը:

Կեցցէ Ազատ, Անկախ եւ Գերիշխան Արցախը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին