Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Արցախ Կը Մեկնին Յունաստանի Եւ Լաթվիոյ Խորհրդարաններու Պատգամաւորներ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն ուղեւորուած են Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Կարիֆալիա Քանելլին եւ Լաթվիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Սերգէյ Փոդաբգինը:

Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ  Արսէն Բաբայեանը: Պատգամաւորներուն կ՛ուղեկցի ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով:

Պատգամաւորները համապատասխանաբար Յունաստան-Հայաստան եւ Լաթվիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ղեկավարներն են, որոնց հայկական կողմի ղեկավարը Էդուարդ Շարմազանովն է:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 9-ին Լաթվիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Լաթվիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Սերգէյ Փոդաբգին, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին