Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական հասարակութիւնը, Ապրիլ 11-ին համատեղ կոչով դիմած է Եւրոպական խորհրդարանին:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ կոչին մէջ մասնաւորաբար անդրադարձած են՝ Ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի կողմէ ԼՂՀի դէմ սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն եւ չորս հիմնական պահանջներ ներկայացուցած են այդ առնչութեամբ:
Եւրոպական խորհրդարանին ուղղուած համատեղ կոչը ստորագրած են Արցախի եւ Հայաստանի աւելի քան 520 հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներ, որոնք պատերազմական գործողութիւններու ամբողջ ընթացքին աշխատած են սահմանագիծին վրայ, ինչպէս նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու շահերը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:
Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած են «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» կազմակերպութենէն, ներկայացուած ծաւալուն փաստաթուղթը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն ուշադրութեան կը հրաւիրէ՝ Ազրպէյճանի կողմէ միջազգային համաձայնագիրերու եւ պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտումներուն վրայ` յատուկ ընդգծելով ԼՂՀի դէմ ազրպէյճանական յարձակումին կանխամտածուած եւ յարձակողական բնոյթը, ուղղուած քաղաքացիական բնակչութեան դէմ` ներառեալ երախաներուն եւ ծերերուն:
«Անհնար է պատկերացնել որեւէ հիմնաւորում, որ կրնայ արդարացնել խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ նման վայրենի վերաբերումը», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ, ուր նաեւ նշուած է ազրպէյճանական հրետակոծութեան հետեւանքով զոհուած 12-ամեայ Վաղինակ Գրիգորեանի, նաեւ երկու վիրաւորուած դպրոցականներու մասին: Կը նշուի նաեւ Արցախի Թալիշ գիւղին մէջ ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ խոշտանգուած, խեղուած եւ սպաննուած Ղափլանեան ընտանիքի երեք անդամներուն դէպքը:
«Ի դէմս այլ վայրագութիւններու` ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի զինուորներ Հայկ Թորոյեանը, Հրանդ Ղարիբեանը եւ Քեարամ Սլոյեանը գլխատուեցան եւ ենթարկուեցան Տաէշի արժանի սահմռկեցուցիչ կտտանքներու: Ազրպէյճանական բանակի գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն մարդասիրական ուխտագիրները, կը հակասեն պատերազմի օրէնքներուն եւ սովորոյթներուն, ինչպէս նաեւ դուրս են ամէն տեսակ քաղաքակրթական օրէնքներէ», կը վկայակոչէ փաստաթուղթը:
Համատեղ կոչով հանդէս եկած քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, որոնց շարքին նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի ազգային փլաթֆորմը, որ ներկայացուած է տարբեր հասարակական-քաղաքական ճամբարներէ 215 հասարակական կազմակերպութիւններով, ցուցաբերած են աննախադէպ միասնականութիւն իրենց դիրքորոշման հարցով, յայտարարելով իրենց անվերապահ աջակցութեան մասին: Խստօրէն դատապարտելով Ազրպէյճանի` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան եւ վերջինիս բնակչութեան իրականացուցած վայրագութիւնները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները, անոնք Եւրոպական խորհրդարանէն պահանջած են.
- «Խստօրէն դատապարտել Ազրպէյճանի` ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան եւ վերջինիս բնակչութեան դէմ իրականացուցած վայրագութիւնները եւ պատերազմական յանցագործութիւնները,
- խստօրէն դատապարտել Թուրքիոյ եւ Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան կոչերը ուղղուած Ազրպէյճանին, որմով անոնք կը յորդորեն վերջինիս շարունակել ռազմական յարձակումը ընդդէմ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան,
- վերահաստատել, որ հակամարտութեան կարգաւորման միակ ընդունելի ճանապարհը խաղաղ բանակցութիւններն են եւ
- կոչ ընել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին վերականգնելու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեան կարգավիճակը որպէս բանակցութիւններու լիիրաւ կողմ»:
«Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» (ЕuFoA) միջազգային կազմակերպութիւնը հպարտ է այս նախաձեռնութեան մասը ըլլալուն համար եւ պատիւ ունի փոխանցելու այս կոչը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներուն` Ապրիլ 12-ին կայանալիք Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի մասին լսումներուն ընդառաջ»:
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակական կազմակերպութիւններու, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու համատեղ կոչը` ուղղուած Եւրոպական խորհրդարանին» փաստաթուղթը` ամբողջական բնագիրը եւ ստորագրած կազմակերպութիւններուն ցանկով հասանելի է այստեղ: