Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Արհապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի Պատգամը Ուղղուած Հայ Աշակերտութեան

ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ,

Թանկագի՛ն հայորդիներ՝ որովհետեւ Հայ Ազգի հարազատ զաւակի վայել ապրումի արդիւնք է այս հաւաքը։

Հաւաքուած էք Ապրիլեան Նահատակաց այս ոգեշնչող յուշակոթողին շուրջ, արտայայտելու համար ձեր զօրակցութիւնը՝ Ղարաբաղի վրայ սանձազերծուած ազերիական նախայարձակումին հերոսաբար դիմադրող Ղարաբաղի քաջարի զինուորներուն, որոնցմէ ոմանք մինչեւ իսկ ձեր տարիքը ունին կամ հազիւ քանի մը տարի աւելի մեծ են։ Հաւաքուած էք ձեր ընդվզումն ու բողոքը արտայայտելու համար։ Հաւաքուած էք մասնաւորաբար ոգեկոչելու յիշատակը Վաղինակ Գրիգորեանին՝ 12 տարեկան աշակերտին, որ առաջին զոհերէն եղաւ ազերիներուն կողմէ խաղաղ գիւղերու բարբարոսական ռմբակոծումին։ Հաւաքուած էք զօրակցելու համար Վաղինակի եղբօր Գէորգի, անոնց դասընկերոջ Վարդան Անդրէասեանի եւ Արցախի ձեր բոլոր տարեկիցներուն ու ժողովուրդին։

Ապրի՛ք, հազար ապրի՛ք։

Որովհետեւ դուք անձամբ չէք ճանչնար անգամ նահատակ Վաղինակը եւ միւս զոհերը, բայց գիտէք ու կը զգաք, թէ միեւնոյն Ազգի ու Հայրենիքի զաւակներն էք։ Դուք իրարու միացած էք արեամբ, պատմութեամբ, մկրտութեամբ, Լուսաւորչեան Հաւատքով, մեսրոպեան մշակոյթով, քաղաքակրթութեամբ եւ ձեր հայկական արմատներէն ձեզի փոխանցուած բազմաթիւ արժէքներով ու յատկանիշերով։

Սովորաբար մենք մեր երիտասարդութիւնը կը նկատենք մեր ապագան։ Բայց վերջին օրերուն,  Հայաստանի ու Արցախի եւ մինչեւ ամէնէն հեռաւոր հայագաղութներու ոչ միայն երիտասարդութիւնը, այլ նորահաս ողջ սերունդը ցոյց տուաւ, որ ինք մեր՝ հայ ժողովուրդի յաղթական գոյերթին երաշխիքն է։

Թանկագին հայորդիներ, սիրելի աշակերտներ,

Ձեր այսօրուան այս հաւաքին եւ այս օրերուն աշխարհի բոլոր կողմերը տեղի ունեցող այսպիսի զօրակցական հաւաքներուն մէջ, ես կը տեսնեմ վերահաստատումը նորահաս սերունդներու յանձնառութեան՝ հաւատարիմ մնալու իր արմատներուն, իր ինքնութեան եւ Հայութեան բոլոր ժամանակներու  նահատակներու սրբազան կտակին։ Կը տեսնեմ անկոտրում վճռակամութիւնը ի խնդիր մեր անսակարկելի իրաւունքներու ձեռքբերման՝ պայքարը յարաճուն թափով շարունակելու։

Քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներուն ու յատկանիշերուն հաւատարմութիւնը՝  երաշխիքը եղաւ Հայու գոյութեան ու գոյատեւումին։  Այդ հաւատարմութեան արձագանգն է աշխարհահռչակ Ազնաւուրին ձայնը, որ աշխարհին եւ աշխարհէն առաջ ամէն հայու կը յիշեցնէ, թէ «Անոնք ինկա՛ն, որովհետեւ շատ ժամանակ առաջ արդէն Հայ մնալու ընտրանքը կատարած էին»։ Հա՛յ մնալու։ Այսինքն չձուլուելու։ Դիմադրելու բոլոր փորձանքներուն ու փորձութիւններուն։ Նահանջի մատնելու ամէն նախայարձակ։ Անառիկ դարձնելու մեր նահատակներուն եւ ազատամարտիկներուն արեան գնով սրբագործուած հայրենի հողը։

Ղարաբաղի ձեզի սերնդակից նահատակներուն յիշատակի եւ անոր քաջարի զինուորներու զօրակցութեան այս հաւաքը, թող սովորամոլ ձեւակերպութիւն մը չըլլայ, այլ ձեր քրիստոնէական եւ ազգային ինքնութեան հաւատարիմ մնալու ուխտը վերահաստատելու առիթ մը։ Այսպէսով միայն տուած կ՛ըլլանք շօշափելի արտայայտութիւնը ձեր զօրակցութեան՝ Արցախի ձեր սերնդակիցներուն, պետութեան ու ժողովուրդին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին