Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Յանցագործութիւնները Պիտի Ներկայացուին Միջազգային Հանրութեան

Հայաստանի եւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովներու (ԱԺ) պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովները հանդէս  եկած են համատեղ յայտարարութեամբ:

«Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու իրականացման հետեւանքով, մարդկութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններու վերաբերեալ 2016 թուականի Ապրիլ 2-5ին, կոպտօրէն խախտելով 1994-ի Մայիսին ստորագրուած զինադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրը (Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ), Ազրպէյճանը բացայայտ ոտնահարած է միջազգային իրաւունքի չափանիշերը` պատերազմ վարելու արգիլուած միջոցներու եւ եղանակներու կիրառումով:

Յարձակման հիմնական թիրախ դարձած է սահամանամերձ եւ խոր թիկունքի վրայ գտնուող քաղաքացիական բնակչութիւնը: Ազրպէյճանական բանակը իր զինանոցին մէջ գտնուող բազմաթիւ զինատեսակներէ («մմ-21» (Գրադ) եւ համազարկային կրակի «սմերչ» ռէակտիւ համակարգ, ամենատարբեր տրամաչափի հրետանային միջոցներ (ներառեալ` 152մմ հրանօթներ), ծանր հրետանային «տոս-1» համակարգ, Մի-24 գրոհային ուղղաթիռներ, հրասայլեր ու այլ կարգի զրահամեքենաներ, գրոհային անօդաչու թռչող սարքեր) հրթիռա-հրետակոծման ենթարկած է ԼՂՀ շարք մը բնակավայրեր, որուն հետեւանքով զոհուած ու վիրաւորուած են խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ երախաներ, կանայք եւ ծերեր:

Անվտանգութեան խնդիրներէ մեկնելով տարհանուած են Թալիշ, Մատաղիս, Մարտակերտ բնակավայրերու խաղաղ բնակիչները: Ազրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ կատարուած վայրագութիւններու եւ անմարդկային բռնարարքներու ապացոյցները բազմաթիւ են: Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ ազրպէյճանական բանակի կազմին մէջ ներգրաւուած եղած են վարձկան ահաբեկիչներ:

Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած յարձակումը՝ խաղաղութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած միջազգային յանցագործութիւն է: Ազրպէյճանական յարձակումէն Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու հարուածը՝ այդ նոյն օրերուն իր վրայ վերցուցած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակը, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող անհրաժեշտ միջոցներով, կասեցուցած է հակառակորդի ռազմական լայնածաւալ յարձակումը` արժանապատուօրէն կատարելով սեփական ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորի իր դերը:

ԼՂՀ եւ ՀՀ խորհրդարաններու պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովները կը յայտարարեն, որ վճռական տրամադրուած են վերոնշեալ բոլոր յանցագործութիւնները, Ազրպէյճանի յարձակման հետեւանքները ուսումնասիրելու եւ անոնց արդիւնքները ընդունուած կարգով, միջազգային հանրութեան ներկայացնելու համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին