Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

«Ազրպէյճանի Կողմէ Յանձնուած Բոլոր Նահատակներուն Մարմինները Ենթարկուած Են Խոշտանգումի Ու Անարգանքի». ԼՂՀ ՌՊԱԿ

Համաձայն նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան` Ապրիլ 10-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու (ՌՊԱԿ) հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովը` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի միջնորդութեամբ, Բաշ Քարվենդ բնակավայրի մօտ իրականացուցած է զոհուածներու մարմիններու փոխանակում՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ:

Յանձնաժողովի հաղորդումով փոխանակման ընթացքին ղարաբաղեան կողմին յանձնուած է, Ապրիլ 2-5ին Ազրպէյճանի կողմէ իրականացած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով՝ առաջին գիծի վրայ զոհուած ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի 18 զինծառայողի մարմին:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներու ներկայութեամբ ԼՂՀ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովին կողմէ արձանագրուած է, որ ազրպէյճանական կողմի յանձնած զոհուածներուն բոլորին մարմինները ենթարկուած են խոշտանգումի ու անարգանքի:

Այս արարքը հանդիսանալով անմարդկային աղաղակող դրսեւորում, կը հակասէ պատերազմի օրէնքներուն ու սովորոյթներուն եւ կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, մասնաւորաբար 1949 թուականի Գործող բանակներուն մէջ վիրաւորներու եւ հիւանդներու վիճակի բարելաւման մասին Ժնեւեան 1-ին ուխտագիրին, 1949-ի Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժնեւեան 3-րդ համաձայնագիրին եւ 1977 թուականի միջազգային զինուած ընդհարումներու զոհերու պաշտպանութեան մասին՝ 1949 թուականի Օգոստոս 12-ի Ժնեւի համաձայնագիրի 1-ին արձանագրութեան պահանջները:

Ղարաբաղեան կողմը հետամուտ պիտի ըլլայ, որպէսզի ազրպէյճանական կողմի այսպիսի պահուածքը ենթարկուի միաջազգային հանրութեան եւ մասնագիտացած կառոյցներու խստագոյն դատապարտման, իսկ մեղաւորները կրեն պատասխանատուութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին