Սերժ Թանքեան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին մէջ հրապարակած է համեմատական վիճակագրութիւն մը, թէ որքան գումար ԱՄՆ-ի, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը վճարեն զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն:
«Համաձայն հետազօտութեան` ԱՄՆ կառավարութիւնը 100 հազար տոլար «Մահուան երախտիք» կը վճարէ զինուորականներու ընտանիքներուն: Ազրպէյճանի մէջ ընտանիքները կը ստանան 10 հազար մանաթ (մօտ 6700 տոլար): Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներուն ընտանիքները կը ստանան ընդամէնը 200 հազար դրամ (մօտ 480 տոլար): Ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն համար տնտեսապէս դժուար է գոյատեւելը: Այդ պատճառով էր, որ ես որոշեցի նուիրաբերել «Փարոս» հիմնադրամին` այս զարմանալի ոչ առեւտրական կազմակերպութեան, որ կը նուիրաբերէ հասոյթին 100 տոկոսը անմիջականօրէն տուժած ընտանիքներուն: Եւ կը խրախուսեն անոնց, որոնք կը ցանկան նուիրաբերել, նուիրատուութիւնը փոխացել անոնց»:
Ան իր գրառման կցած է զինուորներու լուսանկար մը` «Աջակցինք մեր հերոսներուն» գրութեամբ: