Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

«Պէտք Է Հաւատալ Անկախ Լրագրողներուն Խօսքին Եւ Ոչ Թէ Յարձակող Երկիրին» . Ժոել Քոզէյլի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջին իրադարձութիւններուն մասին լրատուութիւն պատրաստելու նպատակով, Ստեփանակերտ գտնուող լիբանանցի լրագրող Ժոել Քոզէյլի, երէկ հարցազրոյց մը ունեցած է Արցախի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ` ընդգծելով, որ պէտք է հաւատալ Արցախի մէջ աշխատող ոչ տեղացի անկախ լրագրողներուն խօսքին եւ ոչ թէ երկիրի մը, որ կը փորձէ այլ երկիրի մը վրայ յարձակիլ` զայն գրաւելու նպատակով:

Լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Քոզէյլի, որ 6 Ապրիլին ուղղուած էր սահմանամերձ Թալիշ գիւղ եւ անձամբ տեսած ազրպէյճանական վայրագութիւնները, յայտնած է. «Շատ տխուր է տեսնել քանդումը եւ ազրպէյճանցիներուն գործած բռնարարքները: Տխուր է տեսնել, որ մարդիկ ստիպուած են լքելու իրենց բնակարանները, բայց միաժամանակ կը տեսնենք նաեւ, որ զինուորները իսկապէս պատրաստ են պայքարելու իրենց հողին համար եւ պաշտպանել զայն»:

Քոզէյլի նշած է, որ ինք առնչուած է նաեւ ազրպէյճանական ժխտողականութեան հետ: Նախքան սահմանամերձ Թալիշ գիւղ հասնիլը, ան կարդացած էր, որ Ազրպէյճան ժխտած է, թէ Արցախի դէմ Սմերչ տիպի հրթիռներ օգտագործած է, իսկ ժամեր ետք ան Թալիշի մէջ անձամբ վկայած է հակառակը, եւ այդ մասին պատրաստած է համապատասխան լրահաղորդում:

«6 Ապրիլի լրահաղորդումս Սմերչ տիպի հրթիռներու օգտագործման մասին էր: Մենք թէ՛ հրթիռը տեսանք եւ թէ անոր պատճառած աւերը: Այդ իրականութիւնը միայն ես չեմ տեսած, այլ անոր վկայած են նաեւ ոչ տեղացի միւս լրագրողները: Բնականաբար մարդիկ պէտք է հաւատան անկախ լրագրողներու խօսքին եւ ոչ թէ երկրի մը, որ կը փորձէ այլ երկիր մը գրաւել», հաստատած է ան:

Նշենք, որ Ժոել Քոզէյլի Երեքշաբթի, 5 Ապրիլէն ի վեր կը գտնուի Արցախի մէջ եւ ան ամէնօրեայ դրութեամբ լրահաղորդումներ կը պատրաստէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին:

Պէտք է աւելցնել, որ 2012-ին Քոզէյլի պատրաստած է նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մասին վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին