Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Մարտակերտի Մէջ Կը Վերականգնուին Հակառակորդին Ռմբակոծութենէն Վնասուած Տուներն Ու Դպրոցը

Քանի մը օրեր ազրպէյճանական զինուժի ռմբակոծութեան տակ գտնուող Արցախի Մարտակերտ քաղաքին մէջ, ենթակառուցուածքներու վերականգման աշխատանքները ընթացած են գնդակոծութեան զուգահեռ:

Արցախի մէջ գտնուող  «Արմէնփրես»ի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին, Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Վարդան Խաչատրեան պատմած է, որ հրթիռներէն մէկը 10 քիլօուաթ ժամ հզօրութեամբ լարերով երկու յենասիւն տապալած է, սակայն քաղաքին ելեկտրականութիւնը վերականգած է անկէ 30 վայրկեան ետք:

Ան աւելցուցած է, որ գնդակոծութեան հետեւանքով վնասներ կրած է քաղաքին թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի շէնքը, կոտրուած են շէնքի բոլոր ապակիները, որոնք այժմ կը վերանորոգուին:

Վարդան Խաչատրեան նաեւ նշած է, որ սկսած են Մատաղիս գիւղի դպրոցի պատուհաններն ու դռները վերականգնելու աշխատանքները, որ նոյնպէս վնասուած է հակառակորդին գնդակոծութեան հետեւանքով:

Քանի մը օրեր հակառակորդին գնդակոծութեան տակ եղած է նաեւ Մարտակերտի շրջանի Թալի գիւղը, ուր այս պահուն 25 մարդիկ կը բնակին:

Ինչ կը վերաբերի Մարտակերտ քաղաքին, ապա գնդակոծութեան ընթացքին քաղաքէն տարհանում չէ եղած: Եղած են մարդիկ, որոնք իրենց ընտանիքներուն աւելի ապահով վայրեր տարած են առանց ընդհանուր հրահանգի, սակայն հիմա աստիճանաբար բոլորը կը վերադառնան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին