Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Մարդասիրական Օգնութեան Շարասիւնը Հայաստանէն Ուղեւորուեցաւ Արցախ

Շաբաթավերջին  մարդասիրական պաշարով բեռնաւորուած բեռնակառքերու շարասիւնը ՀՀ Արտաարգ իրավիճակներու նախարարութենէն ուղեւորուեցաւ Արցախ: Շարասիւնը կազմուած էր բեռնատար կառքերէ, որոնց մէկ մասը սառնարանային են:

Նշենք, որ Ապրիլ 9-ին եւս ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը շարունակեց հիւրընկալել՝ Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստ անհատ քաղաքացիները եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Օգնութիւն ցուցաբերելու առաջին պատրաստակամներէն էին ԱԻՆ աշխատակիցները: Իրականացած է դրամահաւաք, ինչպէս նաեւ հաւաքուած են պարէնային, բժշկական եւ նիւթական այլ պաշարներ: Մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերած են Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան եւ Ազգային օդագնացներու դաշնութեան անձնակազմը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԻՆ ՓԾ տնօրէնի տեղակալ Վ. Գաբրիէլեան նշած է, որ իւրաքանչիւր ստացուած օգնութիւն յստակ տեսակաւորուած է:
«Ամէն ինչ եղած է, որ  ապրանքները անվնաս եւ նպատակային հասցուին Արցախի ժողովուրդին: Յատկապէս մեծ ուշադրութիւն կը տրուի սննդամթերքին, որու տեղափախման համար ներառուած են երկու սառնարային բեռնատարեր», ըսած է Վ. Գաբրիէլեան:

Մեքենաները բեռնաւորելու պահուն պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ՀՀ ԱԻՆ փոխնախարար Հ. Յակոբեան նշած է, որ բեռնուող մեքենաներէն մէկուն մէջ ամերիկահայ առաձին անհատներու կողմէ տրամադրուած տարբեր տեսակի առաջին օգնութեան դեղորայք, որ կ’ուղարկուի մարտական դիրքերու զինուորերուն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԻՆ ՓԾ տնօրէնի տեղակալ Ն. Գրիգորեան նշած է, որ ՀՀ ԱԻ նախարարութեան գործառոյթներէն մէկն է մարդասիրական աջակցութեան կազմակերպումը եւ Կառավարութեան որոշմամբ` Արացախին տրամադրուելիք մարդասիրական աջակցութեան համակարգումը ստանձնեած է  ԱԻՆ-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին