Լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին վաճառուող սպառազինութիւններուն ցանկը:
2000 թուականէն Ազրպէյճան սկսած է աշխոյժ կերպով զէնք գնել Ռուսիայէն, սակայն համաձայնագիրներու աւելի մեծ թղթածրար մը ստորագրուած է 2010ականներուն սկիզբը, որ կը գնահատուի առնուազն չորս միլիառ տոլարով: Անով Պաքուն ստացած է մօտաւորապէս 100 հատ Տ-90ս հրասայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմոյշ «Մստա Ս» 2ս 19 մ1 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ «Վեսնա» 2ս31 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ 9ա52 «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի համակարգ, 18 նմոյշ ՏՕՍ-1Ա «Սոլնցեպէոկ» ծանր հրանօթային համակարգ, 10 նմոյշ «Քրիզանթեմ Ս» հակահրասայլային մարտական մեքենայ եւ 300 նմոյշ «Իգլա Ս» շարժական զենիթահրթիռային համալիր՝ 1500 հրթիռներով եւ ճարտարագիտական-սակրաւորային մեծ համակարգ։ Այս մասին՝ ըստ News.am-ի՝ փոխանցած է Lenta-ն:
Բացի ատկէ Ազրպէյճանին փոխանցուած են «Ֆաւորիտ» տեսակի Ս-300 Պմու-2 հեռահար զենիթահրթիռային համակարգի 2 գումարտակ եւ քանի մը մարտկոց «Տոր-Մ2» զենիթային համալիր: Ստացած են 60 նմոյշ Մի-17 ուղղաթիռ եւ 24 նմոյշ Մի-35 մ հարուածային ուղղաթիռ:
Հայաստանի գնած զէնքը աւելի համեստ ցանկ ունի: Յայտնի է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ստացած է Տ-72 Բ նմոյշի 35 հրասայլ եւ չճշդուած նմոյշի 100 մարտական մեքենայ (փորձագէտները կը կարծեն, թէ ատիկա կրնայ ըլլալ զրահափոխադրիչ 80 կամ արդիական ՀՄՄ-2), 50 շարժական զենիթահրթիռային համալիրներ:
Աւելի կանուխ որոշում տրուած էր Երեւանին 200 միլիոն տոլար արտածման վարկ տրամադրել՝ ռուսական սպառազինութիւններ գնելու համար: Գործարքը մինչեւ հիմա չէ կատարուած։ Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւի հետ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր՝ արագացնել Հայաստանին զէնքի տրամադրման համաձայնագիրի կնքման գործընթացը: «Մենք շնորհակալ ենք ռուսական կողմէ պետական արտահանման վարկի տրամադրման՝ Հայաստանի կարիքներու համար ռազմական արտադրանքի մատակարարման ֆինանսաւորման նպատակով: Սակայն համաձայնութեան կատարաման գործընթացին մէջ կան որոշակի դանդաղումներ, այդ պատճառով ձեզ կը խնդրեմ «Ռոսոբորոնէքսպորտ»ին հրահանգներ տալ՝ համաձայնագիրը կնքելու վերաբերեալ», ըսած է Աբրահամեան։