Արցախ, Հայաստան, Սփիւռք եռամիասնութիւնը այսօր աւելի քան ամուր ու հզօր է՝ իր ազգային միասնականութեամբ եւ մեզի յատուկ խենթ ու յախուռն տեսակով, կը գրէ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը:
Իրանահայութիւնն իր պահանջի, ցասման ձայնը ու միաժամանակ հերոսական ոգիով զոհուած հերոս զինուորներուն յիշատակը խնկարկելով, միասնութեան եւ զօրակցութեան թիկունքին մէկ անգամ եւս ամրագրեց, որ արցախցիին հետ է անոր զօրեղ ոգիի ու անկոտրում կամքի անբաժան ընկերը:
8 Ապրիլի առաւօտեան, Թեհրանի Ս. Սարգիս, Ս. Թարգմանչաց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Վարդանանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ, Արցախեան նորագոյն հերոսամարտի ընթացքին ինկած ազգային հերոս զինուորներուն ու խաղաղ բնակչութեան զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար՝ տեղի ունեցաւ յատուկ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնը կը նախագահէր առաջնորդական փոխանորդ Տ. Մակար եպս. Աշգարեան, որուն քարոզի հիմնաքարը Արցախեան վերջին օրերու առճակատումներու ընթացքին ինկած զինուորներն էին ու առաջնագիծին վրայ կռուող տղաներուն սխրանքները՝ անկոտրում կամքն ու հերոսական ոգին:
Աւելի ուշ արդէն եկեղեցւոյ բակին մէջ լուռ համահաւաք էր եւ միաժամանակ ստորագրահաւաք, որու ընթացքին նաեւ հասարակութիւնը ինքնաբուխ ու առատաձեռնօրէն իր նուիրատուութիւնները կ՛ընէր Արցախին, որքանով որ կրնար կ՛օժանդակէր ու իր ոգիին կանչը կը միացնէր արցախցիին հերոսական ոգիին՝ ըսելով, որ իր հետ է առաջնագիծի վրայ կանգնած զինուորի կողքին, նահատակուած զոհերու ընտանիքներուն հետ միասին կը կիսէ համընդհանուր անոնց վիշտը ու զօրավիգ կը կանգնի անոնց: Նուիրատուութիւնները կը շարունակուին եւ հասարակութեան մասնակցութիւնը աննախադէպ աշկոյժ է:
Բակին մէջ վերջին օրերու ընթացքին զոհուած զինուորներուն նկարները դրուած էին:
Օրուայ առիթով արտայայտուեցաւ Իրանի Խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտադրեց Ազրպէյճանի նախայարձակ ու ապակառուցողական ըլլալու հանգամանքը եւ մասնաւորաբար ընդգծեց Իրանի պետական այրերու ողջախոհ կեցուածքը՝ հրադադարի կիրառման եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւնը վերականգնելու առումներով, ուր շեշտադրուեցաւ յատկապէս նախագահ Ռոհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի կառուցողական մօտեցումները:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին Իրանի Խորհրդարանին մէջ հիւսիսային եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Ռոպերթ Բեգլարեան, Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեան եւ գործադիր անդամներ, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան եւ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ Սեւադա Շաբոյեան, դեսպանորդ Գառնիկ Պատալեան եւ 3-րդ քարտուղար Արթուր Յակոբեան:
Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեան եւ դեսպանի տիկին Անահիտ Թումանեան, հիւպատոս Գրիգոր Յակոբեան, դեսպանութեան խորհրդականներ Սահակ Եղիազարեան եւ Միքայէլ Հայիրեան ներկայ եղած են Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ կայացած արարողութեան: